2013-06-11 11:34:34

Անկլիքան Եկեղեցւոյ Նոր Առաջնորդ` Ժասդին Ուելպի 14 Յունիսին Վատիկան Կ՛այցելէ


Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի հրատարակած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ յառաջիկայ 14 յունիսին Անկլիքան Եկեղեցւոյ նոր առաջնորդ` Քանդերպուրրիի Արքեպիսկոպոս` Ժասդին Ուելպի կ՛այցելէ Վատիկան ու հանդիպում կ՛ունենայ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Քանդերպուրրիի առաջնորդը խնդրած է այցելել Սուրբ Պետրոսի դամբանը ու ապա աղօթել երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ շիրիմին արջեւ։ Ան հանդիպում կ՛ունենայ Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Գիւրտ Գոխին հետ ու ապա առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ ֆրանչիսկոս Պապին հետ որմէ ետք տեղի կ՛ունենան պաշտօնական զեկոյցներ ու ապա հաւաքական ծիսակատարութիւն։
Գերապայծառ Ուելպիին կ՛ընկերանան անոր կողակիցը Տիկ Գարոլին ու հռոմի մէջ Անկլիքան Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ գերապայծառ Տավիտ Մոքսոն ինչպէս նաեւ Ուեսդմինսդերի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Վէնսան Նիքոլաս։

Յայտնենք որ Ժասդին Ուելպիի` Անկլիքաններու նոր Արքեպիսկոպոսի գահակալութիւնը տեղի ունեցած էր անցեալ 21 մարտին, ֆրանչիսկոս Պապի ընտրութենէն երկու օր ետք։
57 ամեայ, հինգ զաւակներու հայր, եւ երբեմնի Քարիւղի ընկերութեան ղեկավար, Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Գերապայծառ Ժասդին Ուելպի, Քանդէրպուրրիի 105րդ Արքեպիսկոպոսն է, Ան յաջորդեց Րոան Ուիլիամս առաջնորդին որ 2012-ին ներկայացուց իր հրաժարականը։
Անկլիքան եկեղեցին ունի 165 երկիրներու մէջ 85 միլիոն հաւատացեալ եւ 44 եկեղեցիներ։

Վերոյիշեալ հանդիպումը առիթ մըն է անդրադառնալու երկու եկեղեցիներու միջեւ փոխյարաբերութիւննեու գործընթացի մասին, ինչպէս նաեւ քննարկելու աշխարհի մէջ արդարութեան եւ տնտեսական շուկայի բարոյական կարգաւորումի պահանջի իրողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.